Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով, հովանաւորութեամբ «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ Մզտիկ»-ի բացառիկ թիւ մը լոյս տեսաւ՝ գունաւոր, 16 էջ։ Այս թիւին մէջ գրութիւններ եւ գծագրութիւններ ունին լիբանանահայ հայկական վարժարաններ յաճախող 3-րդ-6-րդ դասարանի 125 աշակերտներ։«Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հրատարակչական ծրագիրները կը սկսին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի այս բացառիկ թիւով։
Շնորհակալութիւն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրութեան հետ այս հրատարակութիւնը իրականացնելու համար գործակցած հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն։