Բագրատունի. «Կը Պահանջուի Միջազգային Վճռական Կեցուածք»

Լիբանանեան բանակին վրայ կատարուած իսրայէլեան ոճրային յարձակումին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Կը դատապարտենք իսրայէլեան ոճրային արարքը, որ թիրախ դարձուց լիբանանեան բանակի մեքենայ մը եւ պատճառ դարձաւ երկու սպաներու ու մէկ զինուորի նահատակութեան` իրենց հայրենասիրական պարտականութեան կատարման ճամբուն վրայ:

Անգամ մը եւս օր ցերեկով կը թիրախաւորուի ազգային գերիշխանութեան խորհրդանիշը` միջազգային եպերելի լռութեան պայմաններուն մէջ: Այս սպանդը անցողակի պատահար մը չէ, այլ ակներեւ ոճիր մը Լիբանանի եւ անոր պետութեան ու հաստատութիւններուն դէմ:

Ողորմութի՛ւն նահատակներուն: Կը պահանջուի միջազգային վճռական կեցուածք մը, որ վերջ կու տայ այս կրկնուող բռնարարքներուն»:

 

 

Leave a Comment