«Ֆայհա»-ն Կ՛երգէ Հայերէն Եւ Արաբերէն» Խորագիրով Համերգ

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, կիրակի, 7 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը` «Ֆայհա»-ն կ՛երգէ հայերէն եւ արաբերէն» խորագիրով, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի:

Ելոյթին ներկայ էին` հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը, որոնք լեցուցած էին թատերասրահին երկու յարկերը:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ «Ֆայհա» երգչախումբը, որ կը բաղկանար աւելի քան 75 անդամներէ (մեծ մասը` արաբներ, չորս հայեր) հանդիսատեսը հմայեց իր գեղեցիկ կատարումներով եւ հմտութեամբ, ա քափելա եղանակով եւ հարազատութեամբ` մեկնաբանելով Կոմիտասէն, Բարսեղ Կանաչեանէն, Էդգար Յովհաննիսեանէն, դասական եւ ժողովրդային իւրայատուկ կտորներ, ինչպէս` «Տալիլօ», «Նանօր», «Շորորա», «Խաղաղ գիշեր է», «Ձիւն է գալիս», «Բամ բորոտան», «Ծնկըլը մնկըլը», «Կիլիկիա»: «Ֆայհա» երգչախումբը իր ծրագիրին մէջ ներկայացուց նաեւ արաբերէն եւ թունուզեան ազգագրական երգեր: Արաբերէն երգերու մշակումները կատարած էր Ուսամա Շարաֆէտտին, «Տապքէ» երգին մշակումը կը պատկանէր դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, իսկ թունուզեան «Լամունի» երգի մշակումը` Հանի Սըպլինիի: Հարկ է նշել, որ հայերէն երգերու մենակատարողները հայ չէին, այլ` արաբներ, որոնք մեծ հմտութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած բաժինը:                                                            Երգչախումբի կատարողական բարձր մատուցումը արժանացաւ ներկաներու բուռն գնահատանքին: Անշուշտ այս բոլորը արդիւնքն է մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի բծախնդիր աշխատանքին ու ճիգին` երաժշտութիւնը առհասարակ, իսկ հայ երաժշտութիւնը առանձնապէս բարձրորակ, համահունչ կերպով ներկայացնելու արուեստասէր հասարակութեան

:

Leave a Comment