ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Պէյրութի Մէջ Շրջանային Գրասենեակի Տնօրէնին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Խալետ Էնանիի եւ Պէյրութի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն Փաոլօ Ֆոնթանիի յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Ձեզի կը գրենք` արտայայտելու մեր խոր մտահոգութիւնն ու աներկբայելի դատապարտումը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի մէջ … Read more

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Այցելեցին Պիքֆայայի Յուշարձան

Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, խմբապետութիւնը, շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու երէց-պարմանուհի փաղանգներն ու խմբապետական կազմերը այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: Ս. Աստուածածինի շրջափակը խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` դպրեվանքի սաներու կատարողութեամբ: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտական արարողութիւն: Ապա … Read more

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտներէն Եւ Մարզիկներէն Կազմուած Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ Դպրոցը Եւ Ճիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներէն եւ մարզիկներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցը եւ Ճիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու սրբադասուած նահատակներուն, որոնց մէկ մասը ջարդէն ճողոպրած` հաստատուեցաւ վերոնշեալ վայրերը` իբրեւ որբանոց: Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոց այցելութեան ընթացքին դպրոցի պատմութեան արխիւները հետազօտող … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Յիշել, Յիշեցնել Եւ Պահանջել. Ա՛յս Պէտք Է Ըլլայ Ուխտը Իւրաքանչիւր Հայուն»

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակը Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց ոգեկոչուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Հոծ թիւով հայորդիներու շարքին ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու … Read more

Հայկական Երեք Կուսակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւն. Չճանչցուած Ցեղասպանութիւնը Տուն Կու Տայ Նորերու

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Լիբանանի մէջ, մենք` հայկական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատենք մեր նահատակներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը` կառչած մեր իրաւունքներուն եւ վճռական` շարունակելու պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան: Լիբանանէն` այն երկրէն, որ գրկեց մեր ժողովուրդը ջարդերէն ետք, կը յիշենք, թէ հայերը հասան իբրեւ տեղահանուածներ` ծանրաբեռնուած Ցեղասպանութեան ցաւերով, սակայն յաջողեցան վերականգնիլ եւ նպաստել այս երկրի կառուցման` … Read more

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած Սուրբ Պատարագ

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ոգեկոչման առիթով, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` մասնակցելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, կատարելու Բարեխօսական կարգ եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ: Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան մատուցեց սուրբ պատարագը: Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար … Read more

Հայրապետական Ս. Պատարագ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը 24 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած հայրապետական Ս. պատարագ` առընթերակայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Լեւոն վրդ. Ստեփանեանի, իսկ արարողապետն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա աթոռանիստ … Read more

Հայ Աւետարանական Ապրիլեան Միացեալ Ոգեկոչում

Պէյրութի եւ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիները միասնաբար ոգեկոչեցին ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան: Լիբանանի հայ աւետարանական հովիւներ եւ ժողովուրդը ներկայ եղան պաշտամունքին, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին քարտուղար` Ալիք Ղարիբեան: Պաշտամունքը սկսաւ աստուածաշնչական ընթերցուածներով, երգով եւ աղօթքով` առաջնորդութեամբ վեր. Ժիրայր Ղազարեանի, վեր. … Read more

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանահայ Վարժարաններու Միացեալ Հաւաք` Աւելի Քան 1200 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական հաւաք: … Read more

Հսկումի Երեկոյ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, 23 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու յիշատակին հսկումի երեկոն, որ կը կրէր «Սրբութեան լոյսը` Ցեղասպանութեան խաւարէն» խորագիրը: Ներկայ էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասը, ներկայ ու նախկին պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական … Read more