ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Այցելեցին Պիքֆայայի Յուշարձան

Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, խմբապետութիւնը, շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու երէց-պարմանուհի փաղանգներն ու խմբապետական կազմերը այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

Ս. Աստուածածինի շրջափակը խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` դպրեվանքի սաներու կատարողութեամբ: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտական արարողութիւն:

Ապա սկաուտները, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, տողանցքով ուղղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց:

Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Թալին Փափիրեան, որ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` շեշտելով, որ Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց համախմբուած են վերանորոգելու իրենց ուխտը, երբեք չմոռնալու սրբադասուած նահատակներու կտակը եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ականի երդումը, որ կը վճռէ ամէն գնով հաւատարիմ մնալ մեր ազգին ու հայրենիքին»:

«Սկաուտը կը խոստանայ ծառայել իր ազգին, հաւատքին, հայրենիքին, եւ այսօր այս յուշարձանին առջեւ այս խոստումը կը դառնայ աւելի մեծ պարտաւորութիւն: Մենք կտակ ունինք` պահելու մեր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը», յայտնեց ան:

Իր խօսքի աւարտին Փափիրեան շեշտեց. «Մենք այսօր կը խոստանանք, որ պիտի չտկարանանք, պիտի չլռենք եւ պիտի չմոռնանք: Կը խոստանանք` մեր կեանքով շարունակել անոնց կիսատ գործը, մեր ձայնով հնչեցնել անոնց լռեցուած ճիչը, մեր քայլերով յառաջ տանիլ մեր ժողովուրդին ճամբան: Այս օրը թող դառնայ երդում, ուղի եւ կեանք»:

Ապա օրուան պատգամը յղեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան եւ ըսաւ. «Այստեղ մեզ կը համախմբէ մեր արդարութեան պահանջատիրութեան ոգին եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի յարգենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, որոնք ինկան իրենց հայրենիքին եւ հաւատքին համար, ու մենք անոնց ժառանգորդներն ենք:

«Մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, յարութիւն առինք, վերականգնեցանք: Սակայն Ցեղասպանութեան, Արցախի եւ բոլոր ջարդերուն վէրքերը մնացին մեր մարմիններուն վրայ, եւ անոնք պիտի չգոցուին, որովհետեւ անարդարութիւնը մեզի հարուածեց, սակայն մենք կոչուած ենք արդարութիւնը գործելու»:

Ապա հայր սուրբը հաստատեց, թէ այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի ու կը գործէ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պիտի մոռցուի, այլ ականջներ պիտի խլացնէ մինչեւ արդար հատուցում: Մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին, այնքան ատեն որ մեր կամքը եւ հաւատքը ամուր կը պահենք:

Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան տարազաւորներէն խնդրեց վերանորոգել իրենց ուխտը` պայքարելու արդարութեան, Հայ դատին եւ իւրաքանչիւր մէկ նահատակի համար, որպէսզի ապրին յաջորդող սերունդները:

Leave a Comment