Պէյրութի եւ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիները միասնաբար ոգեկոչեցին ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան: Լիբանանի հայ աւետարանական հովիւներ եւ ժողովուրդը ներկայ եղան պաշտամունքին, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին քարտուղար` Ալիք Ղարիբեան:
Պաշտամունքը սկսաւ աստուածաշնչական ընթերցուածներով, երգով եւ աղօթքով` առաջնորդութեամբ վեր. Ժիրայր Ղազարեանի, վեր. Հրայր Չօլագեանի եւ պատ. Ճորճ Սահիլիի: Ղազար սրկ. Քէօշկէրեան մեներգեց ապրիլեան նահատակաց շարական մը, որուն յաջորդեց յաւուր պատշաճի աղօթք` վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի մատուցմամբ: Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ Սերենա Հատտատ ասմունքեց «Ասացուածք` ծառ տնկելու առթիւ»-ը, իսկ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի երգչախումբը երգեց «Հայեր զօրացէք» եւ «Հաւատքս չեմ մոռանայ»` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ նուագակցութեամբ Մեղրի Մսըրլեանի:
Նահատակաց օրուան խորհուրդը հաղորդեց վեր. Յակոբ Աքպաշարեան` Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Իր պատգամը` «Նկատել, յեղափոխել եւ Աստուծոյ լոյսին մէջ քալել» բնաբանով, հիմնուած էր Եսայի մարգարէին խօսքին վրայ (Եսայ. Բ.1-5), որուն մէջ մարգարէն կը յորդորէ իր ժողովուրդին, որ իրենց ազգային արհաւիրքէն անդին նային եւ նկատեն, թէ Աստուած ինչպէ՛ս պիտի յեղափոխէ աշխարհը: Վեր. Աքպաշարեան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ շինարար եւ հոգատար դեր կատարեն նոյնիսկ նեղութեան մէջ եւ Քրիստոսի լոյսով ընթանան, որպէսզի մշակող եւ խնամող ուժ ըլլայ հայ ազգը` մեր օրերու կործանարար մթնոլորտին մէջ:
Հիւրընկալող եկեղեցւոյ հովիւը` վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, պաշտամունքի աւարտին առաջնորդեց ներկաները վերջին երգով եւ «Հայր մեր»-ով, որմէ ետք Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ փակեց ոգեկոչման պաշտամունքը:
