Հսկումի Երեկոյ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին, 23 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու յիշատակին հսկումի երեկոն, որ կը կրէր «Սրբութեան լոյսը` Ցեղասպանութեան խաւարէն» խորագիրը:

Ներկայ էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասը, ներկայ ու նախկին պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը, լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու ղեկավարներ, դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական, բարեսիրական, մշակութային հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Լիբանանի այլազան շրջաններէն հայրենակիցներ եւ աշակերտներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք հսկումին բացումը կատարեցին օրուան հանդիսավարներ Սեզար Քէօլեան եւ Ժոէլ Ահմարանի, որոնք խնդրեցին ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրքը մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

Բացման խօսքով` նախ հայերէն, ապա` արաբերէն լեզուներով հանդէս եկան Սալի Խալիֆա եւ Մարի Ջօրեան:

Կասիա Լեւոնեան ֆլիւթի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ» ստեղծագործութիւնը:

Ապա լիբանանցի հանրայայտ մեներգիչ Լայալ Նըհմէ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեց «Տլէ Եաման», «Ապրելու ապրիլ», «Հայաստան աշխարհ», «Ուաթանի» ստեղծագործութիւնները:

Օրուան բանախօս` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան դիտել տուաւ, որ այս տարի հսկումը տեղի կ՛ունենայ Զմմառու մայրավանքին մէջ ի յիշատակ Մարտին քաղաքի առաջնորդ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան նահատակ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման միամեակին:

«Այս եղելութիւնը Հայոց պատմութեան մէջ աննախընթաց է, որ կրնայ պատահիլ հարիւրամեակներու կտրուածքով: Ուստի ո’չ համայնքս, ո՛չ ալ միաբանութիւնս աննկատ կրնար մնալ այսպիսի մեծղի երկնաշնորհ պարգեւի մը նկատմամբ, այլապէս` որպէս սրբադասման արարողութեան կազմակերպիչներ եւ համաշխարհային տարողութեամբ եղելութեան մասնակիցներ` պատմութիւնը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէր, եթէ չյիշատակէինք սուրբը սրբութեամբ կոփած մայրավանքին մէջ», ըսաւ ան:

Հայր սուրբը շեշտեց, որ 111 տարիներ առաջ գործադրուած աղէտը միայն անցեալի էջ մը չէ, այլ` մեր ազգային ինքնութեան, հաւատքի եւ գոյապայքարի կենսական արժէքն է:

«Զմմառու մայրավանքը` իբրեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր օրրան, կոչուած է պահպանելու մեր պատմական յիշողութիւնը եւ փոխանցելու զայն նոր սերունդներուն:

«Իսկ որպէս լիբանանի լիիրաւ եւ հաւատաւոր քաղաքացիներ` պարտինք շարունակել մեր հաւատարմութիւնը` հանդէպ մեզի ասպնջականութիւն ցուցաբերած Լիբանանին եւ մեր ամբողջ կարողականութիւնը  ներդրենք երկրի կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր եւ այդ մէկը կատարենք հայավարի մեր անբասիր վարքագիծով: Արդարեւ, մենք` լիբանանահայերս, իբրեւ սփիւռքի ամրոց, կոչուած ենք միասնաբար շարունակելու մեր ազգային երթը` հաւատքով, յոյսով եւ սիրով», յայտնեց ան:

Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան շեշտեց, որ մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակը,  որպէսզի չկրկնուին ցեղասպանութիւնները, կը յիշենք, որպէսզի արդարութիւնը յաղթէ, կը յիշենք, որպէսզի մեր զաւակները ապրին արժանապատիւ եւ ազատ կեանքով մը:

Այնուհետեւ Արամ վրդ. Աբրահամեան կատարեց «Տօնեմք» շարականը:

Հսկումի պատուոյ հիւրն ու արաբերէնի բանախօսն էր Լիբանանի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող եւ հաղորդավար Եազպէք Ուահպին:

Ան քաջածանօթ էր Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր անցքերուն եւ ըստ այնմ ներկայացուց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը` վեր առնելով հայ ժողովուրդի ապրելու եւ արարելու կամքն ու կորովը:

Ուահպի շեշտեց, որ հայը չի վհատիր, չ՛ընկրկիր եւ ամէն տեսակի դժուարութեանց դիմաց անկոտրում կամք կը դրսեւորէ:

«Հայը փարած է իր մշակոյթին, աւանդութեան, սովորութեան ու մանաւանդ լեզուին», ըսաւ ան` դիտել տալով. «Հայ ժողովուրդը, հակառակ դարաւոր ցաւերուն, կրած տառապանքներուն` կարողացաւ վերականգնիլ, կառուցել, նաեւ ներդրում ունենալ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական, արհեստագիտական, մշակութային եւ գիտական կեանքին մէջ»:

Ապա ձայնէն պատկերի անցում կատարեց Կասիա Թրթրեան, իր պատրաստած տեսաներկայացմամբ, որուն պատկերները միանգամայն արձագանգեցին յիշողութեան եւ պատմութեան խորութիւնը:

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի երգչախումբի կատարողութեամբ հնչեց սուրբին նուիրուած «Խաւարին մէջէն» շարականը` ղեկավարութեամբ Արամ վրդ.Աբրահամեանի:

Ապա ժառանգաւորներու խումբին միացան Հայ կաթողիկէ միութիւններու եւ վարժարաններու անդամները եւ միասնաբար երգեցին «Տասը միլիոն հայ ենք» ստեղծագործութիւնը:

Ոգեկոչման փաստավաւերագրական բաժինը վերապահուած էր Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի վարքին, ձերբակալութեան, հարցաքննութեան, աքսորին եւ նահատակութեան առնչուող արխիւային տեսանիւթի ցուցադրութեան:

Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբի համոյթը ներկայացուց հայկական պարարուեստէն նմուշներ, բեմադրութեամբ Աւետիս Գարաքէշիշեանի:

Աւարտին հաղորդավարները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին հսկումի կազմակերպման, յատկապէս Charity TV-ին, որ ուղիղ եթերով սփռեց երեկոն:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հայրապետը, որ յորդորեց. «Յոյսի եւ վճռակամութեան ոգիով վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը` պահպանելու մեր պատմական ժառանգութիւնը եւ շարունակելու մեր ազգային երթը դէպի ապագայ»:

Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակին եւ անցնող տարուան մեծագոյն ձեռքբերման, զոր Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը շնորհեց հայ ժողովուրդին` սրբադասումը Իգնատիոս արք. Մալոյեանի, որուն սրբադասմամբ պապը անթաքոյց կերպով ընդունած եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը:

Հսկումը լրումին հասաւ, երբ ներկաները միասնաբար եւ միմեանց հետ թափօր կազմելով` ընթացան դէպի նահատակուած սուրբին յուշարձանին մօտ` մոմերը ձեռքերնին` որպէս լոյսի որդիներ խաւարի սրտին:

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կիսանդրիին շուրջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում` ի յիշատակ անոր սրբադասման միամեայ յոբելեանին: Ներկաները խոնարհեցան Սուրբին եւ անոր ընդմէջէն համընդհանուր նահատակներուն առջեւ` աղօթքով եւ յարգանքի տուրք մատուցելով հայ ժողովուրդի հաւատքի վկաներուն անմոռանալի յիշատակին:

 

Leave a Comment