Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Աննախընթաց Նախաձեռնութեամբ Մը. Փրոֆ. Յակոբ Փանոսեան Պարգեւատրուցեաւ «Գերազանց Ուսուցման Սաումապաու Պու Ժաուտէ» Մրցանակով

Իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB) որոշեց «Գերազանց ուսուցման Սաումա Պուժաուտէ» մրցանակով («Saouma Boujaoude Teaching Excellence Award») պարգեւատրել իր անձնակազմի երկու աւագ դասախօսներ, որոնցմէ մէկը` ի հպարտութիւն լիբանանահայութեան,  փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանն էր:  Չորեքշաբթի, 29 ապրիլ  2026-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին համալսարանի «Ատա Տոճ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Յակոբ Փանոսեանի եւ դեղագործութեան դասախօս դոկտ. Ումայա … Read more

Տեղի Ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Նախապատրաստական Աշխատանքներու Առաջին Սեմինարը

Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին մասնակցող 106 անդամներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութեան սեմինարը, որուն նպատակն էր բանակումի ընդհանուր ծանօթացում եւ աշխատանքներու մեկնարկ: Սեմինարը բացուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա մասնակիցները բաժնուեցան խմբակներու: Սեմինարի բացումէն ետք Շրջանային խմբապետութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց բանակումին օրէնքները եւ մանրամասնութիւնները: Ընդհանուր կանոններու ներկայացումէն ետք … Read more

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հոգեւոր Տէրը

Երեքշաբթի, 5 մայիս 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Տաճատ եպս. Աշըգեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարելիք այցելութեան առնչուած հարցեր:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Վալէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւի որդեգրումը եւ այդ «կարեւոր» բանաձեւի որդեգրումը նկատեց հայ ժողովուրդի, Եւրոպական Միութեան եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի հասարակաց արժէքներու, մասնաւորաբար մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան մէկ արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիշդ … Read more

Հայկազեան Համալսարանը Կը Նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը

Հայկազեան համալսարանը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը` յարգելով 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելով իր անսասան յանձնառութիւնը` պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման հանդէպ: Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Հայկազեան համալսարանի ընտանիքի անդամները համախմբուեցան «Մուկար» պարտէզին մէջ` մասնակցելու յուզիչ արարողութեան մը, որ յատկանշուեցաւ` լոյսով, երաժշտութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով: Մասնակիցները, կազմելով խորհրդաւոր շրջանակ մը, իրենց յարգանքի տուրքը … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Ուալիտ Պուխարին

Հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարեւոր զրոյց մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ` ընդհանրապէս շրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու առաջնահերթութիւնը: … Read more

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

27 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան հետագայ աշխատանքներու ծրագիրը: Քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան բարձր գնահատեց միութեան ներդրումը եւ դերակատարութիւնը, յատկապէս նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ զարգացման մէջ` մարզական եւ սկաուտական շարժումներու միջոցով անոնց ջամբելով մարդկային ու ազգային վեհ սկզբունքներ: Քաղաքապետը յիշեց, … Read more

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչումներ` ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման հսկում: Ձեռնարկը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, Մուսա Լերան անկոտրում կամքին եւ պայքարի նոր թափ տալու անհրաժեշտութեան: Օրուան պատգամը յղեց Սամիկ Կարապետեան: Ան խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ զայն լոկ իբրեւ … Read more

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Անթիլիասի Մէջ

Լիբանանի ներկայ իրավիճակէն մեկնելով եւ ապահովական նկատառումներով, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով այս տարի տեղի ունեցաւ ոգեկոչման համեստ, բայց խորիմաստ ձեռնարկ մը` շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան գործակցութեամբ, մասնակցութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի, «Աղբալեան» պատանեկան միութեան եւ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին: … Read more

Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կեցութեան շրջագիծին մէջ, Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարցերու գլխաւոր տեղակալ Թիմոր Սերքեւիչ Փեշաթքինի հետ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան շրջանային զարգացումները` Իրանի վրայ ամերիկեւիսրայէլեան եւ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն լոյսին տակ: Ռուս դիւանագէտը լայնօրէն պարզեց տիրող … Read more