Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Նուիրուած Սուրբ Պատարագ

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ոգեկոչման առիթով, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` մասնակցելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, կատարելու Բարեխօսական կարգ եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:

Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան մատուցեց սուրբ պատարագը: Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, դեսպանատան անձնակազմը, ինչպէս նաեւ հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, նախկին թէ ներկայ, օտար թէ հայ նախարարներ ու երեսփոխաններ եւ հայկական կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Սուրբ պատարագէն ետք, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի ղօղանջներու ներքեւ եւ սկաուտական շարքերու ուղեկցութեամբ, ներկաները ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց, ուր վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ եւ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի աշակերտներուն մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց նուիրուած Բարեխօսական կարգ եւ ապա` ծաղկեպսակներու զետեղում:

Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, ՀԲԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի, ԼՕԽ-ի, ՀԿԲՄ-ի «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, Համազգայինի, ԹՄՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնախումբի, ՀԵՀՈՄ-ի, Մարաշի հայրենակցական միութեան, Սասնոյ հայրենակցական միութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը, վեհարանի պատշգամէն, իր հայրապետական ու հայրական ողջոյնները տուաւ մայրավանքի շրջափակին հաւաքուած լիբանանահայ սկաուտական կազմերուն եւ շեփորախումբերուն:

 

 

Leave a Comment