Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի առիթով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներէն եւ մարզիկներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցը եւ Ճիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու սրբադասուած նահատակներուն, որոնց մէկ մասը ջարդէն ճողոպրած` հաստատուեցաւ վերոնշեալ վայրերը` իբրեւ որբանոց:
Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոց այցելութեան ընթացքին դպրոցի պատմութեան արխիւները հետազօտող Շարլ Հայէք պատուիրակութեան մանրամասնութեամբ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու ընդհանուր վիճակը եւ առօրեան, այդ օրերուն Այնթուրայի որբանոցէն ներս:
Հայէք ըսաւ. «1834-ին հիմնուած այս դպրոցը կապուած է Հայոց պատմութեան հետ, որովհետեւ Օսմանական կայսրութիւնը օգտագործած է այս վարժարանը եւ վերածած է հայ որբ մանուկներու որբանոցի, որ ուղղակիօրէն կը գտնուէր օսմանական վիլայէթի հովանիին տակ»: Ան աւելցուց` ըսելով, որ այս որբանոցը ունէր յստակ առաքելութիւն մը, որն էր` թրքացնել հայ որբերը:
«Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցը միշտ կը յիշէ այս իրողութիւնը, որովհետեւ դպրոցի շրջափակին մէջ տակաւին կը գտնուի Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարը, ինչպէս նաեւ` Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու ընթացքին բազմաթիւ մահացած հայ որբուկներուն աճիւնները, որոնք տարիներ ետք Լիբանանի կառավարութեան կողմէ յայտնաբերելով, թաղուեցան վարժարանին մէջ` յատուկ վայրի մէջ»:
Իր խօսքի աւարտին Հայէք յայտնեց, որ Այնթուրան կը նկատուի այն վայրերէն, ուր կարելի է աւելի մօտէն ծանօթանալ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան եւ լիբանանահայ գաղութին:
Պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց դպրոցի տարածքին մէջ գտնուող հայ որբ մանուկներու դամբարանին մօտ տեղակայուած խաչքարին դիմաց:
Պատուիրակութեան յաջորդ կանգառը եղաւ Ճիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, որուն պատմութիւնը ներկայացուց թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Ալոզեան:
Ալոզեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը կը նկատուի հայ կարեւոր կեդրոններէն մէկը, որ նաեւ կը կոչուի «Թռչնոց բոյն»:
«Թռչնոց բոյն»-ը իր առաքելութիւնը սկսած է 1920-ին, երբ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը («Նիր իսթ ռիլիֆ») Ճիպէյլ կը տեղափոխէ 1500-1600 տղաք, որոնց մեծամասնութիւնը Կիլիկիայէն էր: Այդ որբանոցներէն հասակ առած տղաքն էին, որ շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը զանազան մարզերէ ներս եւ հետագային եղան կառոյցներու եւ միութիւններու հիմնադիրներ»:
Ան դիտել տուաւ, որ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ եւ Պէզիքեան ընտանիքին աջակցութեամբ բացումը կատարուեցաւ որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին:
Իր խօսքի աւարտին թանգարանի տնօրէնը նշեց, որ այս կառոյցը կը վերյիշեցնէ մեզի վերահաստատելու մեր համոզումը իբրեւ հայ ժողովուրդ մեր ինքնութիւնը պահպանելու եւ իբրեւ պահանջատէր շարունակելու մեր երթը:
Թանգարանին մէջ շրջագայելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մարզիկներն ու սկաուտները ծաղիկներ զետեղեցին Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի այդ օրուան պատասխանատու եւ հայ որբուկներու մայր Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմին:

