ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Խալետ Էնանիի եւ Պէյրութի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն Փաոլօ Ֆոնթանիի յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան:
Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ նշեց.
«Ձեզի կը գրենք` արտայայտելու մեր խոր մտահոգութիւնն ու աներկբայելի դատապարտումը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման վերաբերեալ:
«Վերջին հաստատ հաղորդագրութիւններն ու տեսողական ապացոյցները կը վկայեն հայկական եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու, յուշարձաններու եւ պատմական վայրերու կանխամտածուած քանդման եւ պղծման մասին: Վերջին քանի մը օրերուն Սուրբ Յակոբ եկեղեցին ու Սուրբ Աստուածածին մայր տաճարը ամբողջովին ոչնչացուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ` միջազգային ընտանիքի լռութեան պայմաններուն մէջ: Այս քայլերը պատահական դէպքեր չեն, այլ կ՛արտացոլացնեն հետեւողական եւ մտահոգիչ գործելաոճ, որ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ամբողջ ժողովուրդի մը մշակութային եւ պատմական ներկայութեան կանխամտածուած ոչնչացման վերաբերեալ: 2023 թուականէն ի վեր, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի հայերու բռնի տեղահանումով, քարտէսէն ջնջուած են հարիւրաւոր դարաւոր հայկական մշակութային ու կրօնական յուշարձաններ:
«Մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ոչ միայն յարձակում է ֆիզիքական կառոյցներու վրայ, այլ նաեւ յարձակում է ինքնութեան, յիշողութեան եւ քաղաքակրթութեան վրայ: Նման քայլերը ուղղակիօրէն կը խախտեն միջազգային հռչակագիրները, ներառեալ 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրը` զինեալ հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հիմնական առաքելութիւնը` պաշտպանելու մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւնը:
«Հետեւաբար, մենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին շտապ կոչ կ՛ուղղենք`
– Ուղարկելու անկախ փաստահաւաք առաքելութիւն` Արցախի մէջ հայկական մշակութային վայրերու ներկայ վիճակը գնահատելու համար:
– Ապահովելու անյապաղ հսկողութեան եւ պաշտպանութեան մեքանիզմներ` հետագայ ոչնչացումը կանխարգիլելու համար:
– Հրապարակաւ արտայայտելու մտահոգութիւնը եւ դատապարտելու այս քայլերը` միջազգային օրէնքին համաձայն:
– Աշխատելու վտանգուած եւ վնասուած վայրերու պահպանման, վերականգնման եւ փաստաթղթաւորման ուղղութեամբ:
«Նման մշակութային աւերումներու առջեւ լռութիւնն ու անգործութիւնը կրնայ վտանգաւոր նախադէպ ստեղծել: Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը պէտք է քաղաքական նկատառումներէ վեր ըլլայ եւ մնայ համընդհանուր պատասխանատուութիւն:
«Մենք վստահ ենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պիտի պահպանէ իր լիազօրութիւնը եւ վճռականօրէն գործէ` պաշտպանելու այս անփոխարինելի ժառանգութեան մնացորդները»: