Իսրայէլեան Բանակ. «Վերջին Շաբաթներուն Ամրապնդեցինք Մեր Կարողութիւնները Եւ Բոլոր Սահմաններուն Վրայ Բարձրացուցինք Մեր Պատրաստուածութեան Մակարդակը»

Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց. «Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամրապնդեցինք մեր կարողութիւնները եւ բոլոր սահմաններուն վրայ բարձրացուցինք մեր պատրաստուածութեան մակարդակը»: «Իսրայէլեան բանակը մարտական բարձր պատրաստուածութեան մէջ է եւ պատրաստ է որեւէ պահու լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու` թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ յարձակումի ոլորտներուն մէջ», աւելցուց ան:

Իրանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գումարեց Իրանի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուոլց յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իրանի խիզախ ժողովուրդին, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հասկցուցած է, որ «կոտորածը դադրեցնելու համար» կը դիտարկուին բոլոր տարբերակները: Ուոլց հերքած է Իրանի մեղադրանքները, թէ բողոքի ցոյցերը «օտարերկրեայ դաւադրութիւններ են», որոնք ուղղուած են զինուորական գործողութիւններու … Read more

Ուիթքոֆ Իրանի Հարցին Մէջ Դիւանագիտական Լուծման Համար 4 Խնդիր Առաջադրած Է

Իսկապէս յոյս ունիմ, որ դիւանագիտական լուծում պիտի ըլլայ: Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆլորիտայի մէջ Իսրայէլեան-ամերիկեան խորհուրդի խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու զինուորական հարուածը կը նկատէ՞ հաւանական: Ուիթքոֆ նշած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական … Read more

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով: Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց … Read more

Փեսքով. «Ռուսիան Շահագրգռուած Է Ուքրանիոյ Հարցով Ուիթքոֆի Եւ Քուշների Մոսկուա Նոր Այցելութեամբ»

Ռուսիան շահագրգռուած է Ուքրանիոյ հարցով ամերիկացի բանագնացներու` Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ ձեռնարկատէր Ճարետ Քուշների նոր այցելութեամբ: Սակայն ճշգրիտ թուականները տակաւին որոշուած չեն: Այս մասին լրագրողներու ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մենք, անշուշտ, հետաքրքրուած ենք նման այցելութեամբ եւ անհամբեր կը սպասենք ատոր», պատասխանած է ան այս հարցին վերաբերեալ հարցումին: Նախքան … Read more

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ Երկաթուղային Հատուածը

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները նախանցեալ օր միասին զննած են Երասխ-Սադարակ երկաթուղային հատուածի ենթակառուցուածքի վիճակը` գնահատելու այդ հատուածի թեքնիք պիտանելիութիւնը` ենթակառուցուածքի վերականգնման համալիր միջոցառումներ իրականացնելու նպատակով, կը հաղորդէ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը: Թէ յստակօրէն որո՛նց միջեւ եղած է հանդիպումը, Հայաստանի կառավարութիւնը չի յստակացներ, միայն կը նշուի, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են տուեալ հատուածին մէջ երկաթուղային … Read more

Ֆիտան. «Յունիսի Սկիզբը Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւններ Պիտի Կատարուին. Փաշինեանը Այժմ Հարցախոյզներուն Մէջ Յառաջատար Է, Մենք Կ՛աջակցինք Այս Հոլովոյթին Մէջ Անոր Կառուցողական Դերին»

Մենք կ՛աջակցինք Փաշինեանի կառուցողական դերին: Այս մասին, ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: «Դուք գիտէք, թէ յունիսի սկիզբը Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ պիտի կատարուին: Ասիկա կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ: Սակայն մենք կը տեսնենք, որ պարոն Փաշինեանը այժմ հարցախոյզներուն մէջ յառաջատար է: Մենք իսկապէս կ՛աջակցինք այս հոլովոյթին մէջ անոր կառուցողական դերին: … Read more

Նախագահ Աուն Դեսպան Քարամի Հետ Քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովի Պատրաստութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար, բանագնաց, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Նախագահ Աուն Քարամի հետ քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի գումարման պատրաստութիւնները եւ այդ ժողովի ընթացքին արծարծուելիք նիւթերը:  

Սալամի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Ապտելաթի Բարձր Գնահատեց Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Աւարտը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ նշեց. «Ապտելաթի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատեց Լիբանանին աջակցելու, անոր հողերու գերիշխանութեան, ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան, լիբանանեան պետութեան կողմէ իր բոլոր հողերուն վրայ վերահսկողութեան հաստատման աջակցութիւնը»: Ապտելաթի զօրակցութիւն յայտնած է լիբանանեան ազգային հաստատութիւններուն կողմէ Լիբանանի անվտանգութեան … Read more