Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ Երկաթուղային Հատուածը

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները նախանցեալ օր միասին զննած են Երասխ-Սադարակ երկաթուղային հատուածի ենթակառուցուածքի վիճակը` գնահատելու այդ հատուածի թեքնիք պիտանելիութիւնը` ենթակառուցուածքի վերականգնման համալիր միջոցառումներ իրականացնելու նպատակով, կը հաղորդէ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը:

Թէ յստակօրէն որո՛նց միջեւ եղած է հանդիպումը, Հայաստանի կառավարութիւնը չի յստակացներ, միայն կը նշուի, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են տուեալ հատուածին մէջ երկաթուղային ենթակառուցուածքի թեքնիք վիճակի գնահատման շուրջ:

Աւելի կանուխ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր, թէ դիմած է հայկական երկաթուղիի կառավարումը ստանձնած «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան` երկաթուղիի այս հատուածը արագացուած կարգով վերականգնելու համար: Փաշինեան միաժամանակ ընդգծած էր, որ եթէ պարզուի, թէ ռուսական կողմը այդ հատուածներու վերականգնման հետ կապուած խնդիր ունի, Հայաստանի կառավարութիւնը կարող է երկաթուղին նորոգել սեփական միջոցներով:

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ ապաշրջափակումը իմաստ պիտի չունենայ եւ պիտի չաշխատի, եթէ չապաշրջափակուի Երասխ-Սադարակ հատուածը:

Leave a Comment