Իսկապէս յոյս ունիմ, որ դիւանագիտական լուծում պիտի ըլլայ: Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆլորիտայի մէջ Իսրայէլեան-ամերիկեան խորհուրդի խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու զինուորական հարուածը կը նկատէ՞ հաւանական:
Ուիթքոֆ նշած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնագիրը պիտի լուծէ չորս հարցեր` հիւլէական հարստացման դադրեցում, հրթիռներու պաշարներու կրճատում, մօտաւորապէս 2 թոն հիւլէական նիւթի կրճատում եւ շրջանային գործակատարներու աջակցութեան դադրեցում:
«Եթէ անոնք կ՛ուզեն Ազգերու լիկա վերադառնալ, մենք կրնանք այս չորս հարցերը լուծել դիւանագիտօրէն, եւ ատիկա պիտի ըլլայ հիանալի լուծում: Այլընտրանքը վատ է», ըսած է Ուիթքոֆ: