Ռուսիան շահագրգռուած է Ուքրանիոյ հարցով ամերիկացի բանագնացներու` Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ ձեռնարկատէր Ճարետ Քուշների նոր այցելութեամբ: Սակայն ճշգրիտ թուականները տակաւին որոշուած չեն: Այս մասին լրագրողներու ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք, անշուշտ, հետաքրքրուած ենք նման այցելութեամբ եւ անհամբեր կը սպասենք ատոր», պատասխանած է ան այս հարցին վերաբերեալ հարցումին:
Նախքան այդ, լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Ուիթքոֆ եւ Քուշներ կրնան Մոսկուա այցելել: