Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար, բանագնաց, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը:
Նախագահ Աուն Քարամի հետ քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի գումարման պատրաստութիւնները եւ այդ ժողովի ընթացքին արծարծուելիք նիւթերը: