Ֆիտան. «Յունիսի Սկիզբը Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւններ Պիտի Կատարուին. Փաշինեանը Այժմ Հարցախոյզներուն Մէջ Յառաջատար Է, Մենք Կ՛աջակցինք Այս Հոլովոյթին Մէջ Անոր Կառուցողական Դերին»

Մենք կ՛աջակցինք Փաշինեանի կառուցողական դերին: Այս մասին, ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:

«Դուք գիտէք, թէ յունիսի սկիզբը Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ պիտի կատարուին: Ասիկա կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ: Սակայն մենք կը տեսնենք, որ պարոն Փաշինեանը այժմ հարցախոյզներուն մէջ յառաջատար է: Մենք իսկապէս կ՛աջակցինք այս հոլովոյթին մէջ անոր կառուցողական դերին: Այս գիծը, այս կամքը պէտք է շարունակուի», ըսած է Ֆիտան:

Leave a Comment