«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Զարգարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Հայկական խառն մարտախաղերու մարտիկ Դաւիթ Զարգարեան (97 քիլոկրամէն վեր), որ կը ներկայացնէ Աւստրիան, դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան, «Այ. Էմ. Էմ. Էյ. Էֆ. 2026» մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Պելկրատի (Սերպիա) մէջ:

Աւարտականին Զարգարեան առաջին ռաունտին իսկ նաք աութի ենթարկեց սերպ մրցակից Նեմանիա Պլակոյեւիչը:

Աւելի կանուխ, նոյն ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն Արթուր Ասոյեան մեծերու մրցաշարքին դարձած էր եւրոպայի փոխախոյեան:

Leave a Comment