Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Լաւ Խաղցաւ, Բայց Սանթրալ Յաղթեց 105-96 Արդիւնքով

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը երէկ շատ դժուար մրցումէ մը ետք վերջին մասին պարտուեցաւ Սանթրալի դաշտին վրայ` 105-96 արդիւնքով:

Մրցումի սկիզբէն տղաքը շատ լաւ էին, բայց նոյնիսկ 3-րդ մասին 10 կէտերու առաւելութիւնը, մանաւանդ Թայլըր Պէյի 5 ֆաուլերէն ետք, պարտութեան շրջեց մրցակիցը, որ աւելի լիբանանցի որակաւոր մարզիկներ ունենալով կրցաւ յաղթել:

Ճորտըն 38 կէտ նշանակեց 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներու կողքին եւ 11 էսիսթ կատարեց, մինչ Թայլըր Պէյ 12 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Ազիզ Ապտելմասիհ 17 կէտ նշանակեց 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներով: Զաք Լոֆթըն իր կարգին 3 յաջող կէտնոց կողովներ նշանակեց, բայց մրցումի վերջին կարեւոր 2 վայրկեաններուն վիրաւորուեցաւ:

Փիթըր Տեքերմենճեան 6 կէտ, 6 ռիպաունտ, 2 պլոք եւ 3 սթիլ կատարեց եւ բաւական լաւ էր:

Այժմ մինչեւ 7 մարտ ՀՄԸՄ մրցում չունի, եւ պէտք է լաւ պատրաստուիլ Ռիատիի դէմ, ապա 4 օր ետք` Սաժեսի դէմ մրցումներուն:

Leave a Comment