«Էմ. Էմ. Էյ.» Արթուր Ասոյեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

21 տարեկան հայ մարտիկ Արթուր Ասոյեան (մինչեւ 56,7 քկ) դարձաւ Եւրոպայի 2026-ի փոխախոյեան` «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզաձեւին մէջ:

Պելկրատի (Սերպիա) մէջ տեղի ունեցող միջազգային «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի հովանաւորած Եւրոպայի ախոյեանութեան, երիտասարդ Ասոյեան բարձր մակարդակի մրցաշարք ունեցաւ:

Աւարտական մրցումէն առաջ, Ասոյեան երկու ուքրանացի մարտիկներ դուրս ձգած էր, առաջինը կէտերու յստակ առաւելութեամբ, իսկ երկրորդը տպաւորիչ նաք-աութով: Աւարտականին ան մրցեցաւ ֆրանսացի Թիպօ Տէ Մարինիսի դէմ, մրցումի աւարտին ֆրանսացի մարզիկը կէտերու չնչին առաւելութեամբ դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան:

Հետաքրքրականը այն է, որ Ասոյեան մեծերու մրցումներուն միակ ներկայացուցիչն էր Հայաստանի, սակայն հեղինակաւոր Եւրոպայի ախոյեանութեան մետալով վերադարձաւ:

Աւելի կանուխ ան դարձած էր նաեւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր` հաստատելով իր կայունութիւնն ու բարձր ներուժը միջազգային ասպարէզին մէջ:

 

 

Leave a Comment