Քանի մը օր առաջ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի 33-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սեդոյեան:
Ժողովը վարեց Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Տաթօ Ամարճիթ Սինկ Ճիլ, ներկայ էր նաեւ Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Տաւիտ Լափարթիէ:
Ժողովի գլխաւոր նիւթն էր Ասիոյ հեծելարշաւի վիճակի բարելաւումը, վարչական եւ նիւթական տեղեկագիրներու եւ ապագայ ծրագիրներու քննարկումը, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոններու միջեւ կապերը աւելի ամրպնդելու քայլերու որդեգրումով, որոնք բնականաբար պիտի բարձրացնեն այս մարզաձեւին մակարդակը:
Այս ժողովին զուգահեռ, Սեդոյեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Ասիոյ, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ:
Հանդիպումներուն քննարկման հիմնական նիւթն էր Լիբանանին օգնելը թեքնիք եւ գումակային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ մարզուելու մասնաւոր սեմինարներ կազմակերպելը` աւելի եւս բարելաւելու համար մարզիչներու եւ մարզիկներու մակարդակները:
Սեդոյեան այս հարցերուն գծով դրական պատասխան ստացաւ, աելի ուշ տեսակցութիւն ալ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ հեծելարշաւի նախագահ Ապտել Ազիզ Շահրանիի հետ: Քննարկուեցան զանազան հարցեր` երկու երկիրներուն միջեւ կապերը աւելի եւս սերտացնելու եւ հեծելարշաւի մարզաձեւը աւելի եւս բարելաւելու համար թէ՛ թեքնիք, թէ՛ ալ վարչական առումներով:
Այսպիսի ժողովներու մասնակցութիւնը անշուշտ փաստ մըն է, որ Լիբանան ներկայ է Ասիոյ մէջ եւ շրջանի կարեւոր եւ գործունեայ ուժերէն մէկն է այս մարզաձեւին մէջ: