Ազատ Ոճի Ըմբշամարտ. Հայաստան 8 Մետալներով Վերադարձաւ

Անցեալ շաբաթավերջին Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցաւ պատանեկան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մեծ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ 136 մարզիկներ:

Հայաստանի հաւաքականը հանդէս եկաւ մարզիչներ Արման Մալխասեանի եւ Նարեկ Սիրունեանի գլխաւորութեամբ: 11 հայ ըմբիշներ մասնակցեցան եւ ցուցադրեցին վստահ եւ արդիւնաւէտ գօտեմարտ: Մրցումներու արդիւնքներով Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց շարք մը մետալներ:

Ոսկի մետալներ ձեռք ձգեցին Գագիկ Ղազարեան (61 քկ), Դաւիթ Դաւթեան (70 քկ) եւ Յակոբ Յակոբեան (97 քկ):

Արծաթ մետալներ ձեռք ձգեցին Արման Յարութիւնեան (57 քկ), Սամուէլ Գէորգեան (61 քկ) եւ Նարեկ Իկիլիկեան (92 քկ):

Պրոնզ մետալներ ձեռք ձգեցին Վլատիմիր Ազարեան (74 քկ) եւ Հենրիկ Հայկեան (125 քկ):

Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքը կարեւոր փուլ էր երիտասարդ ըմբիշներու պատրաստութիւններուն համար` յառաջիկայ միջազգային մրցաշարքերէն առաջ, եւ կարելիութիւն ընձեռեց մարզիչներուն գնահատելու ազգային խումբին պահեստի ներուժը:

Leave a Comment