Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկուեցաւ Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ Ռազմավարական Գործընկերութիւնը
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Խանդանեան 26 յունուարին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի մասնագիտական աշխատակազմի ներկայացուցիչ Լենս Քոքոնոսի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, «Նիուզ»-ին յայտնեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն: Ողջունելով հիւրերը` Խանդանեան բարձր գնահատեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը: Զրուցակիցները խօսեցան «Թրամփի ճամբու» նախագիծը կեանքի կոչելու կարեւորութեան մասին եւ … Read more