Մոլտովայի Նախագահ. «Այժմ Հայաստան Կը Դառնայ Թիրախը Նոյն Ռազմավարութեան, Որ Ուղղուած Է Գերիշխանութեան Թուլացման, Կ՛ազդէ Ժողովրդավարական Ընտրութեան Վրայ Եւ Կ՛օգտագործէ Ներքին Խոցելիութիւնները»

Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտու յայտնած է, որ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին` ժողովրդավարական ապագան պաշտպանելու հարցին մէջ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Սանտու այս մասին նշած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստի ընթացքին:

«Ես ցաւով կը հետեւիմ Վրաստանին: Հակառակ վրացի ժողովուրդի խիզախութեան, որ կը շարունակէ պաշտպանել ժողովրդավարական արժէքները, եւրոպական ձգտումները եւ իր ապագան ինքնուրոյն որոշելու իրաւունքը, Ռուսիան Վրաստանը վերադարձուց իր ուղեծիր` ուժեղացնելով պատերազմի հանդէպ վախը` ազդարարելով, որ սխալ ընտրութեան գինը խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ: Այժմ Հայաստան կը դառնայ նոյն ռազմավարութեան թիրախ, որ ուղղուած է գերիշխանութեան թուլացման, կ՛ազդէ ժողովրդավարական ընտրութեան վրայ եւ կ՛օգտագործէ ներքին խոցելիութիւնները», նշած է Սանտու:

Ան ընդգծած է, որ Մոլտովան կ՛աջակցի Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին, որոնք կը փորձեն դիմակայել այդ ճնշումին:

Leave a Comment