Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Խանդանեան 26 յունուարին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի մասնագիտական աշխատակազմի ներկայացուցիչ Լենս Քոքոնոսի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, «Նիուզ»-ին յայտնեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն:
Ողջունելով հիւրերը` Խանդանեան բարձր գնահատեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը:
Զրուցակիցները խօսեցան «Թրամփի ճամբու» նախագիծը կեանքի կոչելու կարեւորութեան մասին եւ միտքեր փոխանակեցին այդ ուղղութեամբ հետագային իրականացուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Յանձնախումբի նախագահը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներու վերջին զարգացումներուն: