Հայաստան – Թուրքիա Սահմանային Անցակէտը Պատրաստ Է Օգտագործուելու

Հայաստան-Թուրքիա սահմանային «Մարգարա» անցումի կէտը ճարտարարուեստի առումով յագեցած է եւ վերազինուած պէտք եղած բոլոր սարքերով` ճամբորդներու եւ բեռներու սպասարկման համար, ըստ «Արմէնփրես»-ի, յայտարարեց  Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխնախագահ Ռաֆայէլ Գէորգեան «Մարգարա»  անցակէտը տուած այցելութեան ընթացքին:

«Անցակէտն ամբողջութեամբ վերազինուած է եւ պատրաստ մաքսային ծառայութեան իրականացման համար: Բոլոր անհրաժեշտ սարքաւորումները տեղակայուած են եւ յագեցած` թէ՛ ուղեւորներու, թէ՛ բեռներու սպասարկման համար: Պետական եկամուտներու կոմիտէն արդէն առանձնացուցած է այն աշխատակիցները, որոնք պէտք է մաքսային ծառայութիւն իրականացնեն տուեալ անցակէտին մէջ, եւ սահմանի վերաբացման պարագային մենք պատրաստ ենք  իրականացնել անհրաժեշտ ծառայութիւնը», ըսաւ Գէորգեան:

Leave a Comment