Պարրօ. «Ֆրանսա Կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Ֆրանսա կ՛աջակցի Հայաստանի` Ազրպէյճանի  եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ:

Ան նշած է, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանի բարգաւաճման վրայ:

«Մենք արծարծեցինք համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, ներառեալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Իրանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովու անվտանգութիւնը», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Հաքան Ֆիտան նաեւ նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ համագործակցութիւնը:

Leave a Comment