Արցախ Մնացած 10 Հայեր Հայաստան Տեղափոխուած Են

Արցախ մնացած 10 հայեր նոյնպէս Հայաստան եկած են: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան: «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ (Ղարաբաղի մէջ) մինչեւ հիմա բնակող 10 հայեր եւ ազգութեամբ ռուս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը դիմած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն` Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուելու խնդրանքով: «Դիմումներու հիման … Read more

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիս – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

22 յունուարին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով: Ան ամփոփեց խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: «Որպէսզի պատկերացում կազմէք, թէ իշխանութիւնը ինչպէ՛ս կ՛աշխատի եւ արդիւնաւէտութիւնը, քառօրեան, որ կը տեւէ չորս օր, եւ կառավարութիւնը պէտք է օրէնսդրական բազմաթիւ նախագիծեր բերէր, աւարտեցինք մէկուկէս օրուան մէջ` չհաշուած Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան ջղաձգումները», յայտարարեց Գեղամ … Read more

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան 20 յունուարին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալուածը: Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբայ» ծրագիրին եւ ըսաւ, որ այս վիճակով այդ ծրագիրը ընդունելի չէ իրենց համար: Բայց, բնականաբար, կարելի է բանակցիլ, եթէ Հայաստան … Read more

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Ճէյհուն Պայրամով երէկ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շարք մը այլ նիւթերու հետ միասին քննարկած են նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՓԱ գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը: Վերջին անգամ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսով զրուցած էին նախորդ շաբաթ: … Read more

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

«Ոեւէ մարդ, որ ծանօթ է Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան գործունէութեան սկզբունքներուն, տեղեակ է, որ կարելի չէ Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն անցնելով ԵԱՏՄ-ի անդամ մնալ»: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոպական համարկման հեռանկարները: «Այս հարցը ես բազմիցս քննարկած եմ … Read more

Հակադարձելով Եւրոպական Խորհրդարանի Դիրքորոշումներուն` Ալիեւ. «Հայաստան Ինք Կը Կարեւորէ Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւնները»

Ամբողջովին յստակ է, որ Ազրպէյճանի նկատմամբ այս կողմնակալ դիրքորոշումը կը ստեղծուի յատուկ լոպիական խումբերու, յատուկ ուժերու կողմէ, որոնք չեն կրնար ընդունիլ Ազրպէյճանի անկախ քաղաքականութիւնը: Ահա թէ ինչու մենք տարիներ շարունակ չենք համագործակցիր Եւրոպական խորհրդարանին կամ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ: Այս մասին Տաւոսի մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը: «Մենք կը համագործակցինք Եւրոպական յանձնաժողովին հետ, եւ … Read more

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

Հայաստան շուտով ռուսական հեղուկ կազ պիտի ներածէ երկաթուղիով` Ազրպէյճանի տարածքով, կը յայտնեն Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն: Թէ Ազրպէյճանի տարածքով հեղուկ կազի առաջին խմբաքանակը ե՞րբ Հայաստան պիտի հասնի եւ յստակ ո՞ր ընկերութիւնները պիտի ներածեն, նախարարութիւնը չի յայտներ: Վերջին օրերուն հեղուկ կազը կտրուկ սղած է: Ըստ կառավարութեան, Իրանէն այս պահուն վառելիք ներածել կարելի չէ, ռուսականի ներածումն ալ չի … Read more

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ըստ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ռուպիօ բարձր գնահատած է Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Հայաստան վառելիքի մատակարարումները իբրեւ կարեւոր քայլ, որ ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, «ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 8 օգոստոս … Read more

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

«Հայաստան» խմբակցութիւնը քաղաքացիներու հետ հանդիպումներու շարքի մը սկսած է: Այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը: «Այսօրուընէ կը սկսինք պարբերական այցելութիւններ` Հայաստանի մարզեր: Առաջին հանդիպումը Գեղարքունիքի մարզին մէջ էր: Տպաւորիչ հանդիպում ունեցանք Մարտունիի մէջ, շուտով պիտի հանդիպինք միւս բնակավայրերուն մէջ` քննարկելու մեր մօտեցումներն ու ընելիքները», նշած է Իշխան … Read more

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով: Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց … Read more