Թրամփ. «Վանս Փետրուարին Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Կ՛ուզեմ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնել անցեալ օգոստոսին ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնութիւնը պաշտպանելնուն համար:

«Ասիկա կեղտոտ պատերազմ մըն էր, իմ վերջ տուած 8-էն (պատերազմներէն, «Ա.») մէկը, սակայն այժմ բարգաւաճում եւ խաղաղութիւն ունինք:

«Փետրուարին, փոխնախագահ Վանսը երկու երկիրներ պիտի մեկնի` մեր խաղաղութեան ջանքերը շարունակելու եւ Թրամփի Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղին յառաջ մղելու համար: Պիտի ամրապնդենք Ազրպէյճանի հետ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը, Հայաստանի հետ (պիտի կնքենք) խաղաղ հիւլէական գործակցութեան գեղեցիկ համաձայնութիւն մը, (պիտի կնքենք) գործարքներ մեր մեծ կիսահաղորդիչներ արտադրողներուն համար եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած պաշտպանական սարքեր, ինչպիսիք են զրահաբաճկոնները, նաւակները եւ այլն, պիտի տրամադրենք Ազրպէյճանին»:

Leave a Comment