Մաքրոն 4 Մայիսին Երկօրեայ Այցելութիւն Պիտի Տայ Հայաստան

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Տենիս Ճորքայեֆ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Հայաստան պիտի այցելէ: «Նախագահ Էմանուել Մաքրոն 4 մայիսին երկօրեայ այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան: Ան հանդիպում պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին Երեւանի մէջ», գրած է Ճորքայեֆ «Լինքետին»-ի իր հաշիւին մէջ:  

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Տարբեր Երկիրներէ Ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները

20 փետրուարին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ ներկաներու ազգանուէր իրագործումներուն առնչութեամբ` պատգամելով շարունակել ջանքեր գործադրել հայրենիքի զօրացման, ազգի զաւակներու արժանապատիւ ու ապահով կեանքի կերտման եւ մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ: … Read more

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ 38 տարի առաջ Ստեփանակերտում հրաւիրուեց ԼՂԻՄ ժողովրդական պատգամաւորների մարզային խորհրդի 20-րդ գումարման արտահերթ նստաշրջան, որի որոշումները` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմից դուրս բերելու եւ Հայկական ԽՍՀ կազմում ընդգրկելու վերաբերեալ ճակատագրական եղան մեր ժողովրդի հետագայ չորս տասնամեակների ընթացքի համար: Դրան յաջորդած երեք տասնամեակների ընթացքում հազարաւոր նուիրեալների կեանքի ու մեր ողջ ժողովրդի հերոսական … Read more

Եպիսկոպոսաց Հաւաք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Եկեղեցւոյ Հանդէպ Հալածանքները»

Աւստրիոյ հնագոյն Սանքթ Փէօլթըն քաղաքին մէջ հրաւիրուած Եպիսկոպոսաց հաւաքը աւարտած է իր աշխատանքները: Հաւաքին մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 25 եպիսկոպոսներ: Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսաց հաւաքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ: Եպիսկոպոսաց դասը խոր մտահոգութիւն յայտնած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին առնչութեամբ, կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն` «դադրեցնելու եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները եւ … Read more

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքի Ժամկէտը Երկու Ամիսով Եւս Երկարաձգուեցաւ

Բագրատ արք. Գալստանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ երկու ամիսով եւս: Մեղադրողները դատարանէն պահանջած էին երկարաձգել կալանքը` նշելով, որ 8 ամիս կալանքի տակ գտնուող Բագրատ սրբազանի կալանքի հիմքերը չեն վերացած: Ան առանցքային մեղադրեալ է ենթադրեալ ահաբեկչութիւնը կազմակերպելու քրէական գործին մէջ, ուստի, ըստ մեղադրողներուն, ան ազատութեան մէջ կրնայ նոր յանցանք կատարել կամ խոչընդոտել գործի ընթացքին: Դատաւորը եւս որոշումին … Read more

Շոյկու. «Հայաստանի Երկաթուղիներու Կառավարումը Ռուսիայէն Այլ Երկրի Յանձնելու Պարագային Համակարգը Կրնայ Մէկ Գիշերուան Մէջ Փլուզուիլ»

Հայաստանի իշխանութիւններու հանրապետութեան երկաթուղիներու կառավարման գործին մէջ Ռուսիան փոխարինելու ցանկութիւնը չմշակուած լուծում է, կառուցուած համակարգը ատկէ ետք կրնայ մէկ գիշերուան մէջ փլուզուիլ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու: «Այլ պետութիւններու իրաւասութիւնները երկաթուղային տնտեսութեան կառավարման հարցին մէջ պիտի չգնահատեմ, սակայն կրնամ վստահաբար ըսել, թէ դժուար թէ որեւէ այլ ընկերութիւն … Read more

Ըստ Ազրպէյճանական «Քալիպըր» Կայքի. Ազրպէյճան Կը Կառուցէ Դէպի Հայաստան Եւ Թուրքիա Տանող Երկաթուղին

«Ազրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը շարունակէ Նախիջեւանի մէջ նոր երկաթուղիի շինարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական «Քալիպըր» կայքը: Կը նախատեսուի վերակառուցել 10 կայարան 194,1 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղիի երկայնքով եւ կառուցել 814 ճարտարապետական կառոյց, ներառեալ 29 կամուրջ եւ 4 փապուղի: Նախագծային եւ շինարարական աշխատանքներու առաջին փուլը, որ մեկնարկած է անցեալ տարուան վերջին, կ՛նդգրկէ Սալամմիալիքը, Օրտուպատը, Ազան եւ … Read more

Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն Քաղաքին Մէջ Սկսաւ Եպիսկոպոսաց Հաւաքը

17 փետրուարին Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն քաղաքին մէջ իր աշխատանքները սկսաւ Եպիսկոպոսաց հաւաքը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան քսանհինգ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, ներառեալ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւններէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Առաւօտեան ժողովականները մասնակցեցան Արեւագալի ժամերգութեան: Հոգեւոր խորհրդածութենէ եւ աղօթական առանձնացումէ ետք յետմիջօրէին սկսաւ հաւաքը: Եպիսկոպոսաց հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որուն … Read more

Ռուբէն Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դատապարտուեցաւ 20 տարուան բանտարկութեան: Երբեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուեցաւ շարք մը յանցանքներու մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի դէմ պատերազմը, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը եւ մարդիկ տեղահանելը: Վարդանեան իր փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ` տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ խեղկատակութիւն: Շուրջ մէկ տարի տեւած դատավարութեան … Read more

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դատապարտելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան քաղաքականապէս դրդուած արշաւը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը խորին ափսոսանքով եւ առաւելագոյն վճռականութեամբ կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ սկսած բռնաճնշումները: Այս սրացումը նոր` առաւել վտանգաւոր փուլ թեւակոխած է` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի … Read more