«Ազրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը շարունակէ Նախիջեւանի մէջ նոր երկաթուղիի շինարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական «Քալիպըր» կայքը:
Կը նախատեսուի վերակառուցել 10 կայարան 194,1 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղիի երկայնքով եւ կառուցել 814 ճարտարապետական կառոյց, ներառեալ 29 կամուրջ եւ 4 փապուղի:
Նախագծային եւ շինարարական աշխատանքներու առաջին փուլը, որ մեկնարկած է անցեալ տարուան վերջին, կ՛նդգրկէ Սալամմիալիքը, Օրտուպատը, Ազան եւ Ջուղան:
«Այս երկաթուղային գիծը, որ կը միանայ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, պիտի ապահովէ թէ՛ Ազրպէյճանի հիմնական մասի ուղիղ ցամաքային կապը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, թէ՛ ալ հասանելիութիւն դէպի թրքական, հայկական եւ եւրոպական շուկաներ: Անիկա կը հանդիսանայ «Միջին միջանցք»-ի կարեւոր հատուած եւ նոր շրջանային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան մաս, որ Օրտուպատի մէջ` Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կը միանայ ԹՐԻՓՓ ուղիին», կը գրէ ազրպէյճանական կայքը: