Ռուբէն Վարդանեան Դատապարտուեցաւ 20 Տարուան Բանտարկութեան

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դատապարտուեցաւ 20 տարուան բանտարկութեան: Երբեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուեցաւ շարք մը յանցանքներու մէջ, ներառեալ Ազրպէյճանի դէմ պատերազմը, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը եւ մարդիկ տեղահանելը:

Վարդանեան իր փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ` տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ խեղկատակութիւն:

Շուրջ մէկ տարի տեւած դատավարութեան այդպէս ալ որեւէ անկախ փաստաբան, իրաւապաշտպան ու լրատուամիջոց չմասնակցեցաւ:

Աւելի կանուխ 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էին Արցախի միւս ղեկավարներն ու գործով անցնող մեղադրեալները:

Ազրպէյճանի նախագահը օրերս, ըստ էութեան, բացառած էր, որ անոնք ազատ կ՛արձակուին: «Այդ մարդիկ լուրջ յանցանքներ կատարած են մարդկութեան դէմ: Պատկերացուցէք` Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին` Նիւրընպերկեան դատավարութենէն երկու ամիս ետք ոմանք գային եւ ըսէին` կը խնդրենք ազատ արձակել մահուան դատապարտուած նացիական առաջնորդները: Ատիկա նոյն բանն է, նոյնիսկ աւելի վատ: Անոնց յանցանքները աւելի ծանր են, քան այն, ինչ որ ըրած են նացիականները Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ», յայտարարած էր Իլհամ Ալիեւ:

Leave a Comment