Չուլճեան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Դիմելու Որեւէ Միջոցի` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Մերժելու Համար»

Ամերիկացի ելեւմտագէտ Ճեֆրի Էփշթէյնի վերաբերեալ փաստաթուղթերը կը բացայայտեն անոր ցանցին հետ կապ ունեցող անձերու շրջանակը: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը նշուին երեք կառավարական գործիչներու անուններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Հայ դատի աշխատանքներուն հետ: Այս մասին «Ալֆա նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեան: «Խօսքը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին … Read more

Ազրպէյճան 4500 Թոն Մազութ Պիտի Ուղարկէ Հայաստան

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճան 4500 թոն մազութ պիտի ուղարկէ Հայաստան: Մազութը Հայաստան պիտի ուղարկուի երկաթուղային ճամբով` Վրաստանի տարածքով: 19 դեկտեմբեր 2025-ին Հայաստան ներածուած էր ազրպէյճանական «Էյ-95» տեսակի պենզին` 1218 թոն կշիռով: Ազրպէյճանական պենզինը ներածած ընկերութիւնները սկսան Հայաստանի մէջ «Փրիմիում» տեսակի պենզինի մէկ լիթրը վաճառել 430 դրամով: Նախապէս մէկ լիթրին գինը 510 դրամ էր: … Read more

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Կ՛առաջարկէ Սինոտական Կառոյց Ստեղծել

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան կ՛առաջարկէ սինոտական կառոյց ստեղծել` իբրեւ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամէն ելք: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին համաձայն, ան այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական հաւաքի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Ըստ պատրիարքին, ասիկա պիտի ամրապնդէ Մայր աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դիրքերը: … Read more

Հայաստան Եւ 50 Այլ Երկիրներ ՄԱԿ-ի Մէջ Ձեռնպահ Քուէարկած Են Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Բանաձեւին

Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու 50 այլ երկիրներ ՄԱԿ-ի մէջ ձեռնպահ քուէարկած են Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանաձեւին: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Էքս»-ի վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է այն 107 երկիրներուն, որոնք աջակցած են Քիեւին: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրած է «Աջակցութիւն Ուքրանիոյ մէջ երկարատեւ խաղաղութեան» բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ մէջ «արդար եւ կայուն խաղաղութեան»` միեւնոյն ժամանակ մերժելով Միացեալ Նահանգներու … Read more

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 23 փետրուարին Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է «Ջնջելով անցեալը. մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում» խորագիրով խորհրդարանական հետաքննութեան հոլովոյթի մեկնարկը, որուն նպատակը ուսումնասիրելն է 2023 թուականէն ի վեր Արցախի հայկական ժառանգութեան ոչնչացումը, մինչեւ այսօր ձեռնարկուած իրաւական արձագանգները, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ հաշուետուողականութեան հասնելու հաւանական ուղիները: Առաջին նիստին խօսք արտասանած է … Read more

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

Երէկ Ժընեւի մէջ` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմեան հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամատովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հանդիպումը տեղի ունեցած է ի շարունակութիւն քաղաքական բարձր մակարդակով տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններու: Զրուցակիցները քննարկած են բազմակողմ … Read more

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ մեկնած է Իրան: «23 փետրուարին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած եմ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն», Դիմատետրի մէջ գրած է Սուրէն Պապիկեան` հրապարակելով տեսանիւթ մը: Մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հաղորդուիր պաշտօնական այցելութենէն:    

Միրզոյեան. «Հաշտեցումը Դժուարին Գործ Է` Հաշուի Առնելով Հայ Գերիներու Ճակատագիրն Ու Այլ Հանգամանքներ»

Հաշտեցումը դժուարին գործ է` հաշուի առնելով Պաքուի մէջ տակաւին պահուող 19 հայ կալանաւորուածներու, անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներու եւ բռնի անհետացման դէպքերու պարզաբանման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աղաւաղուած պատմական պատումները, Ժընեւի ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: «Այնուամենայնիւ, Հայաստան կը շարունակէ վճռականօրէն յանձնառու մնալ այս ուղիի հետագայ իրականացման` հասկնալով, որ խաղաղութեան հետագայ … Read more

Շոյկու Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Հիւլէական Հնոցներու Զետեղումը Կը Նկատէ Սպառնալիք

Ռուսիան ակամայ հաշուի պիտի առնէ հիւլէական անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր ռիսքերը, եթէ Հայաստանի տարածքին մէջ ամերիկեան ճարտարագիտութեան փոքր հնոցներու կառուցումը անցնի գործնական փուլ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու: «Հայաստան, ինչպէս յայտնի է, երկրաշարժի վտանգ դիմագրաւող շրջան է: Հայկական հիւլէական կայանի կառուցման ժամանակ խորհրդային ճարտարագէտներու կողմէ կիրարկուած հիմքի իւրայատուկ … Read more

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Ղեկավար Մարմիններու Ընդլայնուած Ժողով

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 19-20 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողով` մասնակցութեամբ աւելի քան 20 երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներու: Խորհրդաժողովին հանգամանալի քննարկուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, այդ ուղղութեամբ համակարգուած, ցանցային աշխատանքներու իրականացման հարցերը: Առանձնայատուկ շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան, ազգային արժէքներու, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ … Read more