Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Տենիս Ճորքայեֆ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Հայաստան պիտի այցելէ:
«Նախագահ Էմանուել Մաքրոն 4 մայիսին երկօրեայ այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան: Ան հանդիպում պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին Երեւանի մէջ», գրած է Ճորքայեֆ «Լինքետին»-ի իր հաշիւին մէջ: