Բագրատ արք. Գալստանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ երկու ամիսով եւս:
Մեղադրողները դատարանէն պահանջած էին երկարաձգել կալանքը` նշելով, որ 8 ամիս կալանքի տակ գտնուող Բագրատ սրբազանի կալանքի հիմքերը չեն վերացած:
Ան առանցքային մեղադրեալ է ենթադրեալ ահաբեկչութիւնը կազմակերպելու քրէական գործին մէջ, ուստի, ըստ մեղադրողներուն, ան ազատութեան մէջ կրնայ նոր յանցանք կատարել կամ խոչընդոտել գործի ընթացքին:
Դատաւորը եւս որոշումին մէջ նշեց, որ «կալանքի հիմքերն ու պայմանները չեն նուազած, չեն փոխուած, հետեւաբար այլընտրանքային խափանման միջոցները ի զօրու չեն ապահովելու մեղադրեալին օրինական վարքագիծը:
Դատաւորի որոշումին դահլիճին մէջ արձագանգեցին «ամօթ» վանկարկումներով:
Սրբազանի պաշտպանները երէկ ալ այս մեղադրանքը քաղաքական հետապնդում նկատեցին:
Ներկայիս այս գործով 18 մեղադրեալներէն միայն Բագրատ արքեպիսկոպոսն ու Վահագն Չախալեանը կը գտնուին կալանավայրին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Սարգսեան, Մովսէս Շարբաթեան, Իգոր Սարգսեան, Կարօ Օկումուշեան եւ Արմէն Ալեքսանեան տնային կալանքի տակ են: Միւսներու համար խափանման միջոց ընտրուած են բանտարկութեան հետ չկապուած սահմանափակումներ: