20 փետրուարին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի:
Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ ներկաներու ազգանուէր իրագործումներուն առնչութեամբ` պատգամելով շարունակել ջանքեր գործադրել հայրենիքի զօրացման, ազգի զաւակներու արժանապատիւ ու ապահով կեանքի կերտման եւ մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող խնդիրներուն, իշխանութեան կողմէ իրականացուող հակաեկեղեցական գործողութիւններուն, ինչ որ կը խաթարէ եկեղեցականներու բնականոն առաքելութիւնը եւ հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքը:
Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եկեղեցին եւ հոգեւոր դասը անշեղօրէն պիտի շարունակեն իրենց հոգեփրկչական ու ազգապահպան առաքելութիւնը` ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան եւ բարօրութեան:
Պատուիրակութեան անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինին եւ վեհափառ հայրապետին` կարեւոր նկատելով Հայոց եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդն ու առաքելութիւնը հայոց պետականութեան զօրացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ: