Ալիեւ. «Ազրպէյճան Վերադարձի Հարցը Պիտի Դիտարկէ Փոխադարձութեան Պայմանով»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուած շինծու դատավարութեան արդիւնքներուն յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ) Վանսի հետ քանի մը ժամ տեւած քննարկման ընթացքին այդ հարցը նոյնպէս բարձրացուած է, եւ ես Ազրպէյճանի դիրքորոշումը ներկայացուցած եմ, եւ վերջ: Մենք հիմնականին մէջ քննարկած ենք երկկողմանի յարաբերութիւները, շրջանային զարգացումը, ԹՐԻՓՓ-ը … Read more

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»

Եւրոպական Միութիւնը որոշակի նախագիծերու ցանկ կը ձեւաւորէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները որոշելու համար: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս: Քոսի համաձայն, Պաքուի հետ կը քննարկուի դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման թեքնիք-տնտեսական հիմնաւորման գործարկումը` միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններու հետ միասին ԹՐԻՓՓ նախագիծի ծիրին մէջ:  

Կալուզին. «Արեւմուտքը Հայաստանը Կ՛օգտագործէ Իբրեւ Աշխարհաքաղաքական Պայքարի Գործիք»

Արեւմուտքը Հայաստանը կ՛օգտագործէ իբրեւ աշխարհաքաղաքական պայքարի գործիք: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին: «Վերջերս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հայաստանի գիծը Ռուսիոյ շահերուն վնաս հասցնել չ՛ենթադրեր: Բայց եւ այնպէս, կը տեսնենք, որ Երեւանը կ՛արագացնէ արեւմտեան երկիրներու եւ միաւորներու հետ ռազմաքաղաքական ու տնտեսական մերձեցումը: … Read more

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուեցաւ, Անոր Արգիլուեցաւ Լքել Երկիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նկատմամբ` Արման Սարոյեանի հետ կապուած դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու մեղադրանքով, կը յայտնէ փաստաբան Արա Զոհրաբեան: «Արգիլուած է վեհափառ հայրապետի ելքը Հայաստանէն, ինչով փորձ կը կատարուի ձախողեցնել Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովը», նշած է Զոհրաբեան` աւելցնելով. «Վարչապետը երէկ յայտարարած էր, որ թոյլ պիտի չտայ, … Read more

Ռիթեր. «Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրոպական Միութեան Դէտերու Առաքելութեան Ժամկէտը Երկարաձգելու Շուրջ Քննարկումներ Չկան»

Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը շարունակէ աշխատանքը մինչեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումն ու վաւերացումը, այս պահուս ժամկէտի աւարտէն ետք առաքելութիւնը շարունակելու քննարկում չկայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր, որ կ՛աւարտէ Հայաստանի մէջ իր աշխատանքը: «Մեր լիազօրութիւնը կ՛աւարտի փետրուար 2027-ին, այնպէս որ … Read more

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

Ազգային ժողովը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ չդադրեցուց Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի (գրական ծածկանունը` Յակոբ Մովսէս) լիազօրութիւնները: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները քուէարկութեան չեն մասնակցած, իսկ ընդդիմադիրներու 28 կողմ ձայները բաւարար չեն եղած, որպէսզի Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները դադրեցուին: Այսպիսով, ընդդիմադիրներու ներկայացուցած նախագիծը մերժուած է: Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցը նախանցեալ օր կը քննարկուէր … Read more

Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

Ընկերվար միջազգայնականը իր վրդովմունքն ու խոր մտահոգութիւնը կ՛արտայայտէ 5 փետրուարին Պաքուի մէջ զինուորական դատարանի կողմէ յայտարարուած որոշումին կապակցութեամբ` Ազրպէյճանի տարածքին մէջ տակաւին պահուող եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած 19 հայ կալանաւորներէն 15-ին նկատմամբ երկարատեւ ազատազրկման պատիժներու նշանակման վերաբերեալ: Այս վճիռը, որ կը ներառէ հինգ ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռ, կը հակասէ խաղաղութեան եւ հաշտեցման … Read more

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս Պաքուի մէջ քննարկած է հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի բանբերը: «Նախագահ Ալիեւն ու փոխնախագահ Վանսը քննարկած են նախագահ Թրամփի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութեան յաջորդ քայլերը: … Read more

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

Երբ ես 2022 թուականին իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ այցելեցի Հայաստան, մեր քոնկրեսական պատուիրակութիւնը կանգնեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ եւ յստակ ու առանց ներողամտութեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կարեւոր է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի: «Այդ ճշմարտութիւնը վերահաստատուեցաւ, երբ Ներկայացուցիչներու տունը 2019 թուականին մեծամասնութեամբ ընդունեց երկկուսակցական … Read more

Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան` Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»

Հարաւային Կովկասի երկիրները գերիշխան պետութիւններ են` այլ երկիրներու հետ իրենց յարաբերութիւնները մշակելու իրաւունքով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Անոնք գերիշխան պետութիւններ են եւ անոնք ունին տարբեր պետութիւններու հետ իրենց յարաբերութիւնները կառուցելու գերիշխան իրաւունք: Միեւնոյն ժամանակ, մենք թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի հետ ունինք հսկայ համալիր երկկողմանի … Read more