Սէր, Սեռ Եւ Քրիստոնէութիւն (Նորատիպ Հրատարակութեան Մը Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Անցնող 2025-ի ընթացքին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան հրատարակեց իր սեփական հայացումներէն կամ թարգմանութիւններէն շուրջ 10 հատոր ու զանոնք դրաւ հետաքրքրուողներու տրամադրութեան տակ: Այո՛, տասը հատոր` մէ՛կ տարուան ընթացքին: Սրբազանը անմրցելի ռահվիրայ մըն է կարծէք «հայացում»-ներու այս մարզին մէջ: Իր հետաքրքրութիւնները, սկիզբէն եւեթ, կը դառնան Աստուածաշունչին ու հոգեւոր ապրումներու առանցքին շուրջ, ինչ … Read more

Այսօր Կը Յայտարարուի «Հայաստան» Դաշինքի Վարչապետի Թեկնածուին Անունը

«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն տարածած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ձեւաչափին մասին: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այսօր Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայաստան» դաշինքի հանդիսաւոր ձեռնարկը: Ձեռնարկի ընթացքին պիտի յայտարարուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքի մասնակցութեան նոր ձեւաչափը: Պիտի հրապարակուի նաեւ Հայաստանի վարչապետի` դաշինքի թեկնածուի անունը, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի դաշինքի պաշտօնական կարգախօսը: … Read more

Յիշատակի Ձեռնարկ` Նուիրուած «Նեմեսիս» Գործողութեան 105-Ամեակին

ՀՅԴ ՀԵՄ եւ ՀՅԴ Աջափնեակի կոմիտէի նախաձեռնութեամբ 15 մարտին Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին մօտ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 105-ամեակին: Մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհեցին կիսանդրիին առջեւ, ինչպէս նաեւ` արժեւորեցին 105 տարի առաջ Թեհլիրեանի իրականացուցած գործողութիւնը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Խաչատուր Ստեփանեան, կարեւոր նկատելով օրուան խորհուրդը, ըսաւ. «Պիտի գայ օր մը, … Read more

«Ուաշինկթընի Վեհաժողովի Կարեւորագոյն Արդիւնքներէն Մէկը ԹՐԻՓՓ-ի` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հիմը Դնելն Էր» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Վարչապետը

Ուաշինկթընեան վեհաժողովի կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկը Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նախագիծի` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հիմը դնելն էր: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով: Լրատուամիջոցները կը նշեն, որ 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ վեհաժողովը արտօնած է շրջանին մէջ ձեւաւորել աշխարհաքաղաքական նոր … Read more

Միրզոյեան Վերահաստատած Է Հայաստանի Աջակցութիւնը Լիբանանի Ինքնիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան

13 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը Լիբանանի ինքնիշխանութեանը եւ տարածքային ամբողջականութեան: Ընդգծուած է քաղաքացիական կառոյցներու թիրախաւորման բացառման անհրաժեշտութեան հարցին մէջ սկզբունքային մօտեցումը: Անդրադարձ  … Read more

Պրուններ. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան Խաղաղութեան Գործընթացին, Եւ Պատրաստ Է Հաղորդուղիներու Զարգացման Մէջ Ներդրումներ Կատարելու»

Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը աստիճանաբար կը վերածուի Եւրոպական Միութեան համար հետզհետէ աւելի կարեւոր գործընկերոջ, եւ եթէ բարեփոխումներու այս կշռոյթը պահպանուի, յառաջիկայ տարիներուն առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդելը իրատեսական հեռանկար է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է 12 մարտին Հայաստան ժամանած` Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին գործերու եւ գաղթի հարցերով յանձնակատար Մակնուս Պրուններ: «Ասիկա կ՛արտացոլայ … Read more

«ԹՐԻՓՓ-ը Պիտի Ամրապնդէ Շրջանային Խաղաղութիւնը» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախկին Փոխվարչապետը

ԹՐԻՓՓ-ը պիտի ամրապնդէ շրջանային խաղաղութիւնը: Այս մասին Պաքուի 13-րդ համաշխարհային ֆորումի ծիրին մէջ յայտարարած է Վրաստանի նախկին փոխվարչապետ Էքա Թքեշելաշվիլի: «Նախագահ Թրամփի մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրումը շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: «Երկու երկիրներուն միջեւ աստիճանաբար վստահութիւն կը կառուցուի, եւ անոնք այժմ կրնան երկկողմանի բանակցութիւններ վարել», նշած է Թքեշելաշվիլի:

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութիւնը Միայն Թուղթի Վրայ Չէ»

Հայաստանի հետ Ազրպէյճանի խաղաղութիւնը միայն թուղթի վրայ գոյութիւն չունի: Այդ առնչութեամբ որդեգրուած է Համատեղ հռչակագիր, որ նախաստորագրուած էր քանի մը ամիս առաջ: Սակայն խաղաղութիւնը արդէն կը զգացուի գործնականին մէջ: Այս մասին Պաքուի 13-րդ Համաշխարհային ֆորումի բացման արարողութեան ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ազրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի եւ … Read more

Միշել. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Պիտի Բարելաւէ Շրջանի Տնտեսական Զարգացումը»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը պիտի բարելաւէ շրջանի տնտեսական զարգացումը, պիտի բերէ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախկին նախագահ Շարլ Միշել: Ան ընդգծած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ որոշման կայացումը եղած է ծայրայեղ համարձակ քայլ: «Ես վճռականօրէն կ՛աջակցիմ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք կը ձեռնարկուին խաղաղութեան այս համաձայնագիրի … Read more

Թեհրանի Հայկական Թաղամասին Մէջ Բնակելի Շէնքի Մը Վրայ Հրթիռային Յարձակում

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանատունը հաղորդեց, որ Թեհրանի հայկական թաղամասին վրայ հրթիռային հարուած տեղի ունեցած է: Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ դաշինքը հարուածած է Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկուն` Մաճիտիէի մէջ գտնուող բնակելի համալիր մը: Բարեբախտաբար, վերջին տուեալներուն համաձայն, զոհեր չկան, սակայն որոշ բնակիչներ մնացած են փլատակներու տակ: Մաճիտիէն Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկն է: Անիկա յայտնի է … Read more