Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութիւնը Միայն Թուղթի Վրայ Չէ»

Հայաստանի հետ Ազրպէյճանի խաղաղութիւնը միայն թուղթի վրայ գոյութիւն չունի: Այդ առնչութեամբ որդեգրուած է Համատեղ հռչակագիր, որ նախաստորագրուած էր քանի մը ամիս առաջ: Սակայն խաղաղութիւնը արդէն կը զգացուի գործնականին մէջ: Այս մասին Պաքուի 13-րդ Համաշխարհային ֆորումի բացման արարողութեան ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին արդէն կրակոցներ տեղի չեն ունենար, չկան զոհեր եւ կորուստներ:

«Մենք վերցուցած ենք տարբեր ուղղութիւններէ դէպի Հայաստան բոլոր բեռներու փոխադրման սահմանափակումները: Մենք Հայաստանի հետ առեւտուրը սկսած ենք եւ կը կատարենք դէպի այդ երկիր ամէնէն անհրաժեշտ նաւթամթերքներու արտածումը», նշած է Ալիեւ:

Leave a Comment