Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը պիտի բարելաւէ շրջանի տնտեսական զարգացումը, պիտի բերէ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախկին նախագահ Շարլ Միշել:
Ան ընդգծած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ որոշման կայացումը եղած է ծայրայեղ համարձակ քայլ:
«Ես վճռականօրէն կ՛աջակցիմ բոլոր այն ջանքերուն, որոնք կը ձեռնարկուին խաղաղութեան այս համաձայնագիրի ամրապնդման համար: Համոզուած եմ, որ անիկա շատ ամուր հիմք պիտի դառնայ շրջանին մէջ կապերու զարգացման համար եւ պիտի խթանէ տնտեսական աճը: Միեւնոյն ժամանակ, մեծ կայունութեան ու անվտանգութեան շնորհիւ, անիկա պիտի բարձրացնէ մարդոց բարեկեցութիւնը եւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ տարբեր նախագիծերու իրականացման համար», նշած է Միշել: