Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը աստիճանաբար կը վերածուի Եւրոպական Միութեան համար հետզհետէ աւելի կարեւոր գործընկերոջ, եւ եթէ բարեփոխումներու այս կշռոյթը պահպանուի, յառաջիկայ տարիներուն առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդելը իրատեսական հեռանկար է:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է 12 մարտին Հայաստան ժամանած` Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին գործերու եւ գաղթի հարցերով յանձնակատար Մակնուս Պրուններ:
«Ասիկա կ՛արտացոլայ նաեւ այն փաստով, որ Եւրոպական Միութիւնը առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդութեան համաձայնագիրներ ունի աւելի քան 60 երկիրներու հետ, իսկ Հայաստան ներկայիս միակ երկիրն է, որուն հետ Եւրոպական Միութիւնը կը վարէ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ ընթացիկ երկխօսութիւն: Ասիկա կը վկայէ Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը ամրապնդելու հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան վճռականութեան մասին», ըսած է ան:
«Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պատրաստ է շարունակելու աջակցելու Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին, ներառեալ շրջանային հաղորդուղիներու զարգացման մէջ ներդրումներու միջոցով` Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան համահունչ», նշած է Պրուններ:
«Մենք կ՛աշխատինք ընդլայնել Հայաստանի առեւտրական կարելիութիւնները եւ հայկական գործառնութիւններուն օգնել աւելի արդիւնաւէտ օգտուիլ շուրջ 450 միլիոն սպառող ունեցող Եւրոպական Միութեան շուկայի հասանելիութենէն: Ասիկա կրնայ նոր կարելիութիւններ բանալ հայկական արտածումներու, ներդրումներու եւ տնտեսական աճի համար», ըսած է յանձնակատարը: