Այսօր Կը Յայտարարուի «Հայաստան» Դաշինքի Վարչապետի Թեկնածուին Անունը

«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն տարածած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ձեւաչափին մասին: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այսօր Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայաստան» դաշինքի հանդիսաւոր ձեռնարկը:

Ձեռնարկի ընթացքին պիտի յայտարարուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքի մասնակցութեան նոր ձեւաչափը: Պիտի հրապարակուի նաեւ Հայաստանի վարչապետի` դաշինքի թեկնածուի անունը, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի դաշինքի պաշտօնական կարգախօսը:

 

Leave a Comment