13 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը Լիբանանի ինքնիշխանութեանը եւ տարածքային ամբողջականութեան: Ընդգծուած է քաղաքացիական կառոյցներու թիրախաւորման բացառման անհրաժեշտութեան հարցին մէջ սկզբունքային մօտեցումը: Անդրադարձ կատարուած է մարդասիրական իրավիճակին եւ հաւանական քայլերուն:
Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանէն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները տեղափոխող թռիչքի կազմակերպման հարցին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար: