«ԹՐԻՓՓ-ը Պիտի Ամրապնդէ Շրջանային Խաղաղութիւնը» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախկին Փոխվարչապետը

ԹՐԻՓՓ-ը պիտի ամրապնդէ շրջանային խաղաղութիւնը: Այս մասին Պաքուի 13-րդ համաշխարհային ֆորումի ծիրին մէջ յայտարարած է Վրաստանի նախկին փոխվարչապետ Էքա Թքեշելաշվիլի:

«Նախագահ Թրամփի մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրումը շատ կարեւոր իրադարձութիւն է:

«Երկու երկիրներուն միջեւ աստիճանաբար վստահութիւն կը կառուցուի, եւ անոնք այժմ կրնան երկկողմանի բանակցութիւններ վարել», նշած է Թքեշելաշվիլի:

Leave a Comment