Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանատունը հաղորդեց, որ Թեհրանի հայկական թաղամասին վրայ հրթիռային հարուած տեղի ունեցած է:
Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ դաշինքը հարուածած է Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկուն` Մաճիտիէի մէջ գտնուող բնակելի համալիր մը: Բարեբախտաբար, վերջին տուեալներուն համաձայն, զոհեր չկան, սակայն որոշ բնակիչներ մնացած են փլատակներու տակ:
Մաճիտիէն Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկն է: Անիկա յայտնի է իր աշխուժ մթնոլորտով եւ զարգացած ենթակառոյցներով, որոնց ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ կարեւոր դեր ունեցած են իրանահայերը:
Բայց եւ այնպէս «Ալիք» օրաթերթը հաղորդեց, որ յարձակումը հայաբնակ Զէյթուն շրջանին մէջ վնաս պատճառած է շարք մը հայկական բնակուած շէնքերու եւ 10 հայեր վիրաւորած: