«Հայաստան» Դաշինքը Դիմեց Սահմանադրական Դատարան

«Հայաստան» դաշինքը երէկ դիմեց Սահմանադրական դատարան` պահանջելով անվաւեր ճանչնալ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դաշինքի դիմումը Սահմանադրական դատարան ներկայացուցին փաստաբաններ Յովհաննէս Խուդոյեան, Տաթեւիկ Սողոյեան եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: Յովհաննէս Խուդոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարան ներկայացուած դիմումի հիմքին մէջ դրուած են այնպիսի էական հանգամանքներ ու փաստարկներ, որոնք իրենց ամբողջութեան մէջ ցոյց … Read more

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Հրապարակեց Քառօրեայ Պատերազմի Գործով Առաջին Վճիռը

Սթրասպուրկի դատարանը 18 յունիսին հրապարակեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի գործերով առաջին վճիռը, որ կը վերաբերի ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ հազարապետ Հայկ Թորոյեանի խոշտանգման եւ սպանութեան: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը արձանագրեց, որ Ազրպէյճան խախտած է հայ զինուորին կեանքի իրաւունքը, պարտաւորեցնելով Պաքուին հատուցում վճարել անոր հարազատներուն, պատասխանատուութեան կանչել խոշտանգման հրահանգ տուողն ու կատարողը: Այս գործով փաստաբանական խումբի անդամ … Read more

Մոսկուա Կը Շեշտէ, Թէ ՕԹԱՆ-ի Քաղաքականութիւնը Հայաստանը Ռուսիայէն Հեռացնելն Է

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, խօսելով «Արծիւ գործընկեր 2026» ռազմափորձին մասին (հայ-ամերիկեան երկարամեայ պաշտպանական համագործակցութեան ծիրին մէջ կայացող), յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի նպատակն է շարունակել Հայաստանը իր աւանդական դաշնակից Ռուսիայէն հեռացնելու քաղաքականութիւնը: «ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն հետ նման միացեալ ռազմափորձերը միայն ափսոսանք կը պատճառեն: Յատկապէս մտահոգիչ է այն փաստը, որ այս ուսումնական ծրագիրներու իրականացումը Հայաստանի մէջ … Read more

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Եւրոպական Միութիւնը Հրատապ Կերպով Հայաստանի Հետ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Բարելաւման Քայլերու Թղթածրար Կը Մշակէ

Եւրոպական յանձնաժողովը հրատապ կարգով կը պատրաստէ Հայաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլերու ծրար` Ռուսիոյ կողմէ տնտեսական սահմանափակումներու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով չորս աղբիւրներու: Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով` Պրիւքսելի մէջ կը մշակեն այսպէս կոչուած ինքնավար առեւտրական քայլեր, որոնք պիտի նուազեցնեն հայկական պարենային եւ գիւղատնտեսական արտածման մաքսատուրքերը: Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Օլոֆ Կիլ … Read more

Ընդդիմադիր Քաղաքական Ուժերը Միաւորելու Ճիգեր` Կեղծուած Ընտրութիւններու Եւ Նոր Տարածքային Զիջումներու Կանխումի Օրակարգով

Կեղծուած ընտրութիւններն ու նոր տարածքային զիջումներու կանխումը պիտի ըլլան միաւորուող ընդդիմութեան օրակարգային գլխաւոր հարցերը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅ Դաշնակցության Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Ընդդիմադիր ուժերու համախմբման» գործընթացի մասին նախանցեալ օր յայտարարած էր նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան: «Այն ընդդիմադիր ուժերը, որոնց համար արժէքաւոր է մեր երկիրը, … Read more

Ֆիտան. «Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Արդիւնքը Կախեալ Է Փաշինեանի Կառավարութեան Քայլերէն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի արդիւնքը կախեալ է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան քայլերէն: Ֆիտան թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ամփոփելով Ռուսիա իր այցելութիւնը ըսած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ կարեւոր քայլեր արդէն կատարուած են: «Նոր փուլի մէջ ի՛նչ պէտք է ընել` … Read more

Ալիեւ. «Մենք Երբեք Պիտի Չմոռնանք, Թէ Հայերը Մեզի Ի՛նչ Ըրած Են»

«Մենք երբեք պիտի չմոռնանք, թէ հայ զաւթիչները մեր ժողովուրդին եւ մեր քաղաքներուն ի՛նչ ըրած են, երբեք պիտի չմոռնանք 65 մզկիթներու աւերման մասին», երէկ Պաքուի մէջ, Իսլամական բանակի տարեկան հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր համաձայն, «հայերը մզկիթներու մէջ խոզեր եւ այլ կենդանիներ կը պահէին, եւ Ազրպէյճան ատիկա երբեք պիտի չմոռնայ»: … Read more

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Թոյլ Տուաւ Մեղադրանք Առաջադրել Ռոպերթ Քոչարեանին

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը թոյլ տուաւ, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրէ նախկին նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանին: Փաստաբան Արամ Օրբելեան յայտնեց, որ մեղադրանքը պիտի առաջադրուի պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածով: Սակայն դատախազութիւնը առայժմ չէ բացայայտած, թէ ի՛նչ յօդուածով կ՛ուզեն մեղադրանք առաջադրել խորհրդարան անցած ընդդիմադիր դաշինքի ղեկավարին: Նիստէն առաջ գործին մասին որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց փաստաբան Արամ Օրբելեան: … Read more

Ֆիտան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Ներկայ Կացութիւնը

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը կրնայ նոր դռներ բանալ: 16 յունիսին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտան` նշելով. «Յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը գոհացնէ մեզ»: «Այդ երկիրներուն միջեւ, ըստ էութեան, խաղաղութիւն հաստատուած է, եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը գործնական արտայայտութիւններ կը ստանան», շեշտեց թուրք … Read more

Պահչելի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Իրականութեան Մէջ «Թուրանի Միջանցք»-ն Է»

«Զանգեզուրի միջանցք»-ով Կարսը կը միանայ Թուրքիստանի տափաստաններուն», Անգարայի մէջ յայտարարեց Թուրքիոյ մեծագոյն ազգայնական ուժի` «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահ Էրտողանի քաղաքական դաշնակից Տեւլեթ Պահչելին: «Իրերը անհրաժեշտ է կոչել իրենց անունով: Զանգեզուրի միջանցքը իրականութեան մէջ Թուրանական միջանցքն է: Երբ անիկա բացուի, թրքական աշխարհի վերամիաւորման գաղափարը շատ աւելի յստակօրէն պիտի ուրուագծուի», ըսաւ Պահչելի` դիմելով իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն: … Read more