Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը թոյլ տուաւ, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրէ նախկին նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանին: Փաստաբան Արամ Օրբելեան յայտնեց, որ մեղադրանքը պիտի առաջադրուի պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածով: Սակայն դատախազութիւնը առայժմ չէ բացայայտած, թէ ի՛նչ յօդուածով կ՛ուզեն մեղադրանք առաջադրել խորհրդարան անցած ընդդիմադիր դաշինքի ղեկավարին:
Նիստէն առաջ գործին մասին որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց փաստաբան Արամ Օրբելեան: Անիկա, ըստ անոր, կը վերաբերի 2004 թուականին, այսինքն` Քոչարեանի նախագահութեան ընթացքին կառավարութեան մէկ որոշումին եւ անոր յաջորդած գործարքներուն: «Այս գործընթացին մէջ քրէական որեւէ մաս չկայ», վստահեցուց փաստաբանը: