Սթրասպուրկի դատարանը 18 յունիսին հրապարակեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի գործերով առաջին վճիռը, որ կը վերաբերի ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ հազարապետ Հայկ Թորոյեանի խոշտանգման եւ սպանութեան:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը արձանագրեց, որ Ազրպէյճան խախտած է հայ զինուորին կեանքի իրաւունքը, պարտաւորեցնելով Պաքուին հատուցում վճարել անոր հարազատներուն, պատասխանատուութեան կանչել խոշտանգման հրահանգ տուողն ու կատարողը:
Այս գործով փաստաբանական խումբի անդամ Սիրանուշ Սահակեանի համաձայն, ապրիլեան պատերազմի գործերով աւելի քան 20 վճիռներ կը սպասուին յառաջիկային` ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայ զինուորներու խոշտանգումներուն վերաբերեալ: