Ֆիտան. «Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Արդիւնքը Կախեալ Է Փաշինեանի Կառավարութեան Քայլերէն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի արդիւնքը կախեալ է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան քայլերէն:

Ֆիտան թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ամփոփելով Ռուսիա իր այցելութիւնը ըսած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ կարեւոր քայլեր արդէն կատարուած են:

«Նոր փուլի մէջ ի՛նչ պէտք է ընել` ակնյայտ է: Մենք պատրաստ ենք կարգաւորման, երբ ատոր համար համապատասխան պայմաններ ստեղծուին», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Ֆիտանի համաձայն, Փաշինեանի կառավարութիւնը կարեւոր քայլեր ձեռնարկած է կարգաւորման ուղղութեամբ, իսկ Թուրքիոյ նախագահին յանձնարարութեամբ Անգարան եւս շարք մը քայլեր կատարած է, ներառեալ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան եւ առեւտուրի հաստատման ուղղութեամբ:

 

Leave a Comment