Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը կրնայ նոր դռներ բանալ: 16 յունիսին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտան` նշելով. «Յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը գոհացնէ մեզ»:
«Այդ երկիրներուն միջեւ, ըստ էութեան, խաղաղութիւն հաստատուած է, եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը գործնական արտայայտութիւններ կը ստանան», շեշտեց թուրք նախարարը:
Ֆիտան նաեւ հաստատեց` Անգարա հետամուտ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ խնդիրները լուծուին «դրացի, շրջանային պետութիւններու մասնակցութեամբ»: «Այս առումով խիստ կարեւոր է «3+3» ձեւաչափը», յայտնեց ան: